ԿՈՉ ՀԱՄԱՅՆ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

Լիբանանը տակաւին չէ հանդարտած ու կացութիւնը կը մնայ նոյնքան անորոշ թէ լիբանանցիին եւ թէ լիբանահայութեան համար։ Վերջին չորս տարիներուն ընթացքին Հայութիւնը կրեց իր սփիւռքեան կեանքի մեծագոյն ցնցումը, եւ անդրադարձաւ որ ոչ մէկ կերպով ապահով է իր գոյութիւնը, ու գիտցաւ եւ ճանչցաւ իր բարեկամներն ու թշնամիները։ Այս առիթով մասամբ գաղափար ունեցաւ իրեն դէմ նիւթուած դաւի մասին։
Հակառակ ասոր, սակայն, մեր ժողովուրդին մեծամասնութիւնը կը մնայ միամիտ ու չի կրնար ճշտել կամ գնահատել իրեն դէմ ծրագրուածին տարողութիւնը։ Մինչ այդ նոյն այս տարրը խուճապի մատնուած փախուստի կը դիմէ ու կը հեռանայ հայաստանամերձ երկիրներէ, այս կերպով յաջողցնելով դաւին առաջին մասը։
Հեռաւոր Եւրոպայի կամ Ամերիկաներու մէջ Հայութիւնը դատապարտուած է անհետացման. իրականութիւն մը, որ ծանօթ է Թուրք պետութեան եւ իր դաշնակիցներուն, որոնք իր մեղսակիցներն են նաեւ այս ծրագրի գործադրութեան մէջ։
Անոնք այսօր շատ լաւ գիտեն թէ Հայութիւնը աւելի կենսունակ եւ աոողջ մնացած է արաբական երկիրներուն մէջ ու կրցած է ստեղծել իրեն յատուկ հայկական կեանք մը, որ կ՚երաշխաւորէ իր գոյութեան պահպանումը։ Բայց այս իրականութիւնն իսկ կ՚անհանգստացնէ զիրենք, որովհետեւ իրենք ճիշդ հակառակը ծրագրած ու նախատեսած են Հայութեան համար։ Օր է՝ վերջ դնել այդ գոյութեան։ Այսինքն ջնջել Հայութիւնը աշխարհէն։ Այս պատճառով է, որ դաւադրաբար հարուածեցին մեզ լիբանանեան դէպքերուն ընթացքին։ Նպատակն էր քանդել Լիբանանի հայկական օճախը, որ Սփիւռքի կարեւորագոյն կեդրոնն է։ Եթէ յաջողին Լիբանանի մէջ, այլ երկիրներու մէջ շատ աւելի դիւրաւ կը յաջողին։ Օրինակ Պարսկաստանի մէջ, ուր կը բեմադրուի ներկայիս միջագգային դաւադրութեան երկրորդ արարը։ Եթէ արտօնուի իրենց յաջողիլ հոն, պարսկահայութիւնը եւս ցնցում պիտի կրէ եւ մատնուի նոյն խուճապահար վիճակին։ Իսկ Պարսկաստանը, անշուշտ, շատ աւելի մօտ է պատմական Հայաստանին, եւ հետեւաբար Հայութիւնը պէտք է հեռացնել հոնկէ եւս եւ տարտղնել աշխարհի չորս ծագերուն։
Այս գիտակցութեամբ է, որ Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակը գործի լծուեցաւ, որպէս գլխաւոր միջոց ընտրելով գինեալ պայքարը՝ նախ պաշտպանելու եւ պահպանելու Հայութեան գոյութիւնը, եւ բնականաբար կռուելու համար թուրք ցեղամոլ պետութեան դէմ, որ մինչեւ այսօր ուժ ու բռնութիւն կը գործածէ իր հարցերը լուծելու համար։
Բայց ներկայ Թուրքիան ամենակարող չէ եւ խոցելի է ու տկար շատ մը պատճառներով։ Ծրագրուած ու կեդրոնացեալ պայքարով, բայց անպայմանօրէն գէնքով կարելի է պարտադրել իրեն, որ վերադառնայ վերջապէս իրաւախոհութեան եւ գիտակցի թէ չի կրնար յաւիտենապէս բռնագրաւուած պահել հայկական հողերը։ Հայաստանը կը պատկանի հայուն, ու քանի թուրք պետութիւնը չ՚ուզեր խաղաղօրէն սրբագրել գործուած անարդարութիւնը եւ Հայաստանը վերադարձնել Հայութեան, մենք հարկադրուած ենք զէնքի ուժով առնելու մեր իրաւունքը եւ վերատիրանալու մեր հայրենիքին։
Այս է միակ միջոցը՝ բոլոր իրաւազրկուած ժողովուրդներու համար։
Այս պատճառով, եւ միայն այս պատճառով, մենք որդեգրած ենք զինեալ պայքարը, որովհետեւ միւս բոլոր ձեւերը փորձուած են ու ձախողած բազմաթիւ անգամներ։
Եւ մենք վստահ ենք թէ պիտի յաջողինք եւ Հայութեան կամքը պիտի յաղթանակէ վերջաւորութեան։ Թուրք պետութիւնը մեր հարուածներուն թիրախն է ամէն տեղ եւ ամէն երկրի մէջ, ինչպէս նաեւ բուն Թուրքիոյ մէջ, ուր սկսած ենք հարուածել զիրենք անխնայ կերպով։ Արդէն սկսած են զգալ օր ըստ օրէ սաստկացող ճնշումը եւ կեղծ ու նենգ յայտարարութիւններ ընել պատահական մարդոց կամ լրագրողներու, որոնք չեն կրնար տեսնել գառնուկի մորթին տակ պահուըտած գայլը։
Արդ, կոչ կ՚ուղղենք համայն Հայութեան, որ սաստկացնէ պայքարը իր դարաւոր թշնամիին դէմ, բերելով իր մասնակցութիւնը նուիրական այս գործին, զոր ստանձնած են իր գաւակները։
Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակը բխած է հայ ժողովուրդի ծոցէն ու կը վստահի միայն անոր՝ իր առաքելութեան մէջ յաջողելու համար։
Մենք ձեզմով զօրաւոր ենք, ինչպէս դուք գօրաւոր էք ու պաշտպանուած ձեր բանակով։
Ասկէ աւելի կարելի չէ սպասել այլեւս։ ժամանակը հասած է եւ պէտք է դիմել համայնական կռուի, եթէ կ՚ուզենք պահպանել մեր գոյութիւնը եւ տիրանալ մեր իրաւունքներուն։ Թէ ոչ դատապարտուած ենք կորուստի։
Կեցցէ՛ հայկական յեղափոխութիւնը։

Փետրուար 1979
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ
ՀԱՅ ԳԱՂՏՆԻ ԲԱՆԱԿ